Սահմանադրական դատարանը ընտրութիւններու արդիւնքներու բողոքարկման քննութիւնը պիտի շարունակէ վաղը. այսօրուայ նիստն աւարտած է

Այսօր՝ 9 Յուլիսին, ժամը 18:00-ին, Սահմանադրական դատարանէն ներս աւարտած է 20 Յունիսի ընտրութիւններու արդիւնքներու բողոքարկման քննութիւնը, այն պիտի շարունակուի վաղը՝ ժամը 10:00-ին: ՍԴ նախագահ Արման Դիլանեանը նիստի աւարտին «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Արամ Վարդեւանեանէն հետաքրքրուած է, թէ դեռ որքա՞ն ժամանակ անհրաժեշտ է իրեն՝ զեկոյցն աւարտելու համար: Վարդեւանեանը, որ շուրջ 1 ժամ արդէն զեկոյցը ներկայացուցած էր, տեղեկացուցած է, որ 40 վայրկեան ալ անհրաժեշտ է: Որոշուած է վաղը լսել շարունակութիւնը:
Նշենք, որ իր զեկոյցին մէջ Արամ Վարդեւանեանը անդրադարձած է ՍԴ ներկայացուած դիմումի հիմքերուն: Անդրադառնալով ՀՀ նախագահը՝ ՍԴ նիստին որպէս վկայ հրաւիրելու միջնորդութեան՝ Վարդեւանեանն ըսած է. «Ընտրութիւնները եղել են Յունիսի 20-ին, բայց Մարտի 18-ին Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարել է, որ Յունիսի 20-ին տեղի կ'ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Շատ կարեւոր է՝ վերջինս ոչ թէ ստանձնել է նախագահի կողմից յայտարարութիւնները փոխանցելու գործառոյթ, այլ յայտարարել է իր անունից: Կարծում եմ՝ ակնյայտ է, որ նոյն երեւոյթը չէ: Սահմանադրութեամբ գրուած է, որ յայտարարողը Հանրապետութեան նախագահն է»:
«Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչը խնդիր համարած է նաեւ այն, որ 25 Ապրիլին հրաժարական տալով՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շարունակած է իր պարտականութիւնները կատարել: Ըստ անոր՝ այստեղ խնդիր կրնայ ըլլալ վարչական միջոցներու հնարաւոր չարաշահման մասին:
Խօսելով զինծառայողներու քուէարկութեան մասին՝ Վարդեւանեանը ընդգծած է, որ վկայի կարգավիճակով պէտք է հրաւիրել ԶՈՒ ԳՇ պետը՝ պարզելու, թէ արդեօք իսկապէ՞ս 10 հազար 993 զինծառայող մասնակցած է քուէարկութեան:
Յիշեցնենք, որ ՍԴ-ի մէջ 9 Յուլիսին կ'ընթանար ընտրութիւններու արդիւնքներու վիճարկման դիմումներու քննութիւնը: Ընտրութիւններու արդիւնքները կը վիճարկեն «Հայաստան», «Պատիւ ունեմ» դաշինքները, «Զարթօնք» եւ «Հայոց Հայրենիք» կուսակցութիւնները: Անոնց դիմումները կը քննարկուին մէկ միաւորուած գործի շրջածիրէն ներս: