Սահմանին իրավիճակը խաղաղ է

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ ապրիլ 13-ին եւ 14-ին ՀՀ պետական սահմանի հայ-ատրպէյճանական շփման գիծի ամբողջ երկայնքով պահպանուած է մարտավարական կայուն իրավիճակ, սահմանային միջադէպեր չեն արձանագրուած:
ՀՀ ԱԱԾ-էն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու պատասխանատուութեան տակ գտնուող Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհի Որոտան-Դաւիթ Բեկ հատուածին եւս միջադէպեր չեն արձանագրուած:
ՀՀ Զինուած ուժերու եւ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու ստորաբաժանումները կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակը սահմանագօտիի ամբողջ երկայնքով եւ կը կատարեն առաջադրուած խնդիրները: