Սահմանին ձեզ կը սպասեն. Արայիկ Յարութիւնեանը առաջնագիծէն հանդէս եկած է յատուկ տեսաուղերձով

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը խրամատէն տեսաուղերձ յղած է ժողովուրդին․
«Սիրելի ՛ հայրենակիցներ
Քիչ առաջ վերադարձած եմ առաջնագիծէն: Մեր տղաներուն հետ հանդիպումէն ետք որոշեր եմ խրամատէն յատուկ տեսաուղերձով դիմել մեր ժողովուրդին:
Այն կը ներկայացնեմ ստորեւ` հաւատով, որ բոլորդ մէկ մարդու նման կը հետեւիք կոչիս, եւ Աստուծոյ զօրութեամբ ու իւրաքանչիւրիս անհատական մասնակցութեամբ կը կարողանանք պատուով դուրս գալ այս փորձութենէն: