Սարուշէնի միջադէպէբ ետք Շոշ-Սարուշէն-Կարմիր Շուկայ ներպետական մայրուղիին վրայ յենակէտեր պիտի աւելցուին. Արցախի ՆԳՆ

Արցախի Ներքին գործոց նախարարութիւնը նոր տեղեկութիւններ հաղորդած է 7 ապրիլին տեղի ունեցած միջադէպի վերաբերեալ, երբ ատրպէյճանցիները կրակած էին Սարուշէն գիւղի դաշտերուն մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարողներու վրայ:
ՆԳՆ-էն յայտնած են, որ 7 ապրիլին, առաւօտեան՝ 09:40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Սարգսաշէն գիւղի տարածքէն, ատրպէյճանցիները կրակած են Սարուշէն գիւղի դաշտերուն մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող Սարուշէն համայնքի բնակիչներ՝ 65-ամեայ Շիրին Ադամի Սարգսեանի եւ 36-ամեայ Վիթալի Ալեոշայի Յարութիւնեանի ուղղութեամբ:
«Ատրպէյճանական կողմը կիրառել է գնդացիր, ինչի հետեւանքով ջարդուել է Վ. Յարութիւնեանին պատկանող թրաքթորի ձախ կողմի ապակին:
ԱՀ ՆԳ նախարարութեան ոստիկանութեան Ասկերանի շրջանային բաժնի հետաքննիչները Շ. Սարգսեանից եւ Վ. Յարութիւնեանից բացատրութիւն են վերցրել, լուսանկարել տեղանքը եւ թրաքթորը, պատրաստել համապատասխան նիւթեր, կազմել արձանագրութիւն՝ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեանը ներկայացնելու համար:
Բացի այդ, ՆԳ նախարար Կարէն Սարգսեանի հրամանով, Շոշ-Սարուշէն-Կարմիր Շուկայ ներպետական մայրուղում տեղակայուած ոստիկանական յենակէտերում ծառայութիւնը կը շարունակուի ուժեղացուած ռեժիմով: Շուրջօրեայ դիտարկումներ կատարելու նպատակով, ըստ անհրաժեշտութեան կ'աւելացուեն յենակէտերը:
Նշենք, որ նշուած ճանապարհահատուածին սա հայերի ու ատրպէյճանցիների միջեւ գրանցուած 2-րդ միջադէպն է», -գրուած է ԱՀ ՆԳ նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի հաղորդագրութեան մէջ: