Սա մեր բոլորին ցաւն է. Սգոյ օր՝ 17-18 Օգոստոս, 2022
Բազում ողբերգութիւններ ապրած Հայ ժողովուրդը այսօր համազգային նոր ցաւ կ'ապրի:
Խոր ցնցումով ականատես դարձանք անկախ Հայաստանի ամբողջ պատմութեան ընթացքին ամենամաշտապային արտակարգ պատահարին՝ աղէտալի պայթումին, որ տեղի ունեցաւ 14 Օգոստոս, 2022-ին, Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ, խլելով 16 քաղաքացիներու կեանք, թողելով տասնեակ վիրաւորներ եւ 2 անյայտ կորսուած:
Տեղի ունեցած ողբերգութեան զոհերու յիշատակին Հայաստանի մէջ յայտարարուած սգոյ այս օրերուն, որպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, կը միանանք սգացող մեր հայրենի ժողովուրդին:
Մեր վշտակցութիւնն ու ցաւակցութիւնները կը յայտնենք այս դժբախտ պատահարին զոհ դարձած հայրենակիցներու ընտանիքներուն, հարազատներուն, կիսելով անոնց կորստեան ցաւը, որ մեր բոլորին ցաւն է: Բոլոր վիրաւորներուն կը մաղթենք լիարժէք եւ շուտափոյթ ապաքինում։
Նաեւ մեր անսահման երախտագիտութիւնը եւ յարգանքը կը յայտնենք որոնողափրկարարական աշխատանքներուն մասնակից փրկարարներուն եւ կամաւորներուն, բարձր գնահատելով անոնց նուիրուածութիւնը:
Վստահ ենք, որ հերթական այս համազգային ողբերգութիւնը պիտի միաւորէ մեր հայրենակիցները եւ, ինչպէս միշտ, հայ ժողովուրդը իր հզօր կամքի ուժով, ամոքելով ցաւը, միասնական ոգիով այս փորձութիւնը եւս պիտի յաղթահարէ:
Սփիւռքէն հայրենիք՝ միլիոնաւոր հայեր այսօր կ'աղօթեն «Սուրմալու»ի պայթումի անմեղ զոհերու հոգիներուն համար եւ անոնց սիրտերը կը սգան զոհուածներու հարազատներու հետ...: