Սեպտեմբերի 13-ի ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմի զոհերուն թիւը 224 է. Քննչական Կոմիտէ

Սեպտեմբեր 13-14-ի ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմի զոհերուն թիւը 224 է: Այս մասին հաղորդած է Քննչական Կոմիտէի մամուլի խօսնակ Գոռ Աբրահամեան, նշելով, որ այս պահու դրութեամբ բոլոր` 224 զոհերուն ինքնութիւնները պարզուած են, նոյնականացման գործընթացը աւարտած է:
«Բազմակողմանի քննութիւն է իրականացւում իւրաքանչիւր զոհի մահուան հանգամանքները պարզելու գնահատական տալու համար», աւելացուց Գոռ Աբրահամեանը:
Պաշտօնական Երեւանը աւելի առաջ յայտնած էր նաեւ տարածքային կորուստներու մասին` յայտարարելով, որ Ատրպէյճանը գրաւած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի շուրջ 140 քառ. քմ:
Ատրպէյճանական կողմը պաշտօնապէս շուրջ 80 զոհի մասին յայտնած է: