Սերկէյ Լաւրով շնորհաւորած է Արարատ Միրզոյեանը եւ հրաւիրած Մոսկուա

2021-08-20
Image

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արարատ Միրզոյեանին՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱԳՆ-էն: 

ՌԴ ԱԳ նախարարի շնորհաւորական ուղերձին մէջ ըսուած է.

«Յարգելի՛ Արարատ Սամուէլի, սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեզ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ:

Բարձր կը գնահատեմ ՀՀ ԱԺ նախագահի պաշտօնին Ձեր ունեցած ներդրումը հայ-ռուսական արդիւնաւէտ միջխորհրդարանական կապերու զարգացման գործին մէջ։ Կ'ակնկալեմ երկու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ սերտ, բազմաբովանդակ համագործակցութեան հետագայ առաջմղումը, որ կը բխի Ռուսաստանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներու առանցքային շահերէն։

Կը հաւատամ, որ տարածաշրջանային հարցերու լուծման գործին մէջ Մոսկուայի եւ Երեւանի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, բազմակողմ հարթակներու վրայ դիրքորոշումներու համաձայնեցուածութիւնը եւ եւրասիական համարկման նախագիծերու անշեղ իրագործումը հետագային եւս պիտի նպաստեն մեր յարաբերութիւններու դաշնակցային ոգիին եւ հայ-ռուսական բարեկամութեան ամրապնդման:

Կը մաղթեմ յաջողութիւն բարձր պետական պաշտօնին առթիւ, քաջառողջութիւն եւ բարեկեցութիւն։

Կը հրաւիրեմ Մոսկուա Ձեզի յարմար ժամկէտներու մէջ»: