Սիւնիքի մարզին մէջ բարձրաստիճան ոստիկանապետեր պաշտօնանկ եղած են, մարզը նոր ոստիկանապետ ունի

2021-04-20
Image

ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վահէ Ղազարեանի հրամաններով այսօր՝ 20 ապրիլին քատրային փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են ոստիկանութեան մէջ։

Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ, ոստիկանութեան պետի հրամանով ոստիկանութեան գնդապետ Ալիկ Յակոբեանն ազատուած է ոստիկանութեան Սիւնիքի մարզային վարչութեան պետի պաշտօնէն եւ ուղարկուած է ոստիկանութեան քատրերու պահեստ։

Վ. Ղազարեանի մէկ այլ հրամանով՝ ոստիկանութեան Սիւնիքի մարզային վարչութեան պետ նշանակուած է ոստիկանութեան գնդապետ Ալեքսանտր Մամիկոնեանը։

Վ. Ղազարեանի մէկ այլ հրամանով՝ Սերգօ Մարկոսեանն ազատուած է ոստիկանութեան Գորիսի բաժնի պետի պաշտօնէն եւ ուղարկուած է ոստիկանութեան քատրերու պահեստ։

ՀՀ ոստիկանապետի մէկ այլ հրամանով՝ ոստիկանութեան փոխգնդապետ Ալեն Կարապետեանը նշանակուած է ոստիկանութեան Գորիսի բաժնի պետ, որ մինչ այդ կը գտնուէր ոստիկանութեան քատրերու պահեստին մէջ։

Վ. Ղազարեանի մէկ այլ հրամանով՝ ոստիկանութեան գնդապետ Զօրի Վարդանեանն ազատուած է ոստիկանութեան Կապանի բաժնի պետի պաշտօնէն։

Վ. Ղազարեանի մէկ այլ հրամանով՝ ոստիկանութեան Կապանի բաժնի պետ նշանակուած է Արամ Դաւթեանը։

Վ. Ղազարեանի մէկ այլ հրամանով՝ Դաւիթ Յովհաննիսեանն ազատուած է ոստիկանութեան Սիւնիքի մարզային վարչութեան պետի ծառայութեան գծով տեղակալի պաշտօնէն: