Սնունդը նետեր են գետնին եւ ստիպեր են ուտել. ՀՀ ՄԻՊ-ը բազմաթիւ փաստեր ներկայացուցած է Ատրպէյճանի մէջ հայ գերիներու խոշտանգումներէն

Ատրպէյճան պահուած ռազմագերիներու կապակցութեամբ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Արման Թաթոյեան ներկայացուցած է զեկոյց:
«2020-ի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքում ատրպէյճանական զինուժի կողմից գերեվարուած հայ զինծառայողները եւ քաղաքացիական անձինք ենթարկուել են համակարգուած ֆիզիքական եւ հոգեբանական խոշտանգումների»։
Այս մասին Արմենիա Մարիոթ հիւրանոցի մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Արման Թաթոյեանը՝ ներկայացնելով իրաւապաշտպաններու կողմէ կազմուած արտահերթ զեկոյց, որ կը վերաբերի Ատրպէյճանի պետութեան պատասխանատուութեան հայ գերիներու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն, արպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ անոնց խոշտանգելուն ու անմարդկային վերաբերմունքի ենթարկելուն, գերեվարման պայմաններուն եւ քաղաքացիական անձերու իրաւական պաշտպանութեան:
Թաթոյեան ընդգծեց, որ հայ ռազմագերիներու խոշտանգումները հիմնուած են ցեղային խտրականութեան, այսինքն՝ գերիներու հայ ըլլալու հանգամանքին վրայ։
«Ի հարկէ, ամենադաժան վերաբերմունքը նոր գերեվարուելուց յետոյ, յատկապէս, յատուկ ծառայութիւնների աշխատակիցների կողմից է լինում։ Օրինակ, եղել են դէպքեր, երբ սնունդը գցել են գետնին եւ ստիպել են ուտել։ Կամ եղել է դէպք, երբ ընդամէնը 10 վայրկեան են տուել, յետոյ սնունդը գցել են աղբի մէջ։ Յաճախ խոշտանգումները եղել են յատուկ մատը վէրքի վրայ դնելով, ընդ որում՝ այնպէս են արել, որ մարդիկ խնդրեն, աղաչեն բժշկական օգնութիւն եւ սնունդ, որ նոր տան։ Նաեւ յատուկ սառը ջուր են շփել ցուրտ եղանակին մերկ զինծառայողների վրայ՝ պատուհանը բացած վիճակում», - պատմեց Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը։
Նախկին գերեվարուածները պատմած են ՄԻՊ-ին, որ երբ «Կարմիր խաչ» էն մարդիկ կու գային այցելութեան՝ նախապէս կը փոխէին վերաբերմունքը։ Յատուկ դաժան վերաբերած են տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով. ցանկալի տեղեկութիւններու շարքին եղած են անձնական տուեալներ ստանալը, ստիպած են, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը փառաբանող յայտարարութիւններ ընեն եւ Հայաստանի կառավարութեան հասցէին նուաստացնող յայտարարութիւններ։
Ըստ ՄԻՊին՝ ստիպողաբար սուտ տեղեկութիւններու ստացման մասին կան յստակ փաստեր.-
«Զինուորներից մէկին ստիպել են ասել, որ Զանգելանում եղել է հարսանիք, եւ ինքը նռնակով պայթեցրել է՝ սպանելով 50 ատրպէյճանցի»:
Թաթոյեանի խօսքով՝ յատուկ դաժան վերաբերմունք ցոյց տուած են Ապրիլեան պատերազմի Արցախեան առաջին ազատամարտի մասնակիցներու նկատմամբ։ Նաեւ, յատկապէս դաժան եղած են այն ռազմագերիներու նկատմամբ, որոնք հրաժարած են կատարել ատրպէյճանցի զինուորներու պահանջները։
«Յատկապէս զազրելի է այն դէպքերը, երբ մարդկանց խոշտանգել են հանրութեան առաջ, օրինակ՝ հիւանդանոցներում։ Անցնող դառնողները, օրինակ՝ բուժառուները, թքել են հայ գերիների վրայ, եւ դա տեղի է ունեցել Ատրպէյճանի յատուկ ծառայողի ներկայութեամբ», - տեղեկացուց Թաթոյեան՝ նշելով, որ նոյնիսկ բժիշկները գերիներուն նկատմամբ բռնութիւն գործադրած են։
Ռազմագերիի մը մարմնին վրայ եռացած ջուր կամ թէյ թափած են, յետոյ ծեծած են, որմէ յետոյ 21 օր չէ կրցած քալել։
Պաշտպանի խօսքով՝ ատրպէյճանցիները խախտած են նաեւ ռազմագերիներու կրօնական իրաւունքները՝ հաւաքելով անոնց խաչերը։
Իրաւապաշտպան՝ Սիրանուշ Սահակեան իր հերթին աւելցուց, որ երեք հիմնական կառոյցներ իրականացուցած են հայ ռազմագերիներու խոշտանգումները՝ Ատրպէյճանի ռազմական ոստիկանութիւնը, քննչական մեկուսարանը եւ արդարադատութեան նախարարութեան ենթակայութեան ներքոյ գտնուող մեկուսարանները։ Պատժիչ եւ նպատակային ծեծը, ըստ Սահակեանին, իր շարունակութիւնը ունեցած է Ատրպէյճանի ազգային անվտանգութեան մեկուսարաններէն ներս։
Լուրը՝ «Արմէնփրէս» կայքէն