Սուրէն Բարսեղեանին կը շնորհուի «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում, անոր տեղակալներուն՝ «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշաններ. Արայիկ Յարութիւնեան

2020-10-30
Image

Արցախի Հանրապետութեան մատուցած բացառիկ ծառայութիւններու, ցուցաբերած քաջութեան ու անձնական արիութեան համար Սուրէն Բարսեղեանին (լուսանկարին մէջ ինծմէ աջ) կը շնորհուի «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում, իսկ անոր տեղակալներ Արայիկ Գալստեանին (լուսանկարին մէջ ինծմէ ձախ) եւ Անդրանիկ Մկրտչեանին` «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշաններ: Այս մասին իր դիմատետրի էջին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Որոշմանս համաձայն՝ Հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ Արցախի Հանրապետութեան մատուցած բացառիկ ծառայութիւններու, ցուցաբերած քաջութեան ու անձնական արիութեան համար Սուրէն Բարսեղեանին (լուսանկարին մէջ ինծմէ աջ) կը շնորհուի «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում, իսկ անոր տեղակալներ Արայիկ Գալստեանին (լուսանկարին մէջ ինծմէ ձախ) եւ Անդրանիկ Մկրտչեանին` «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշաններ:

Սուրէն Բարսեղեանը աշխարհազօրային կամաւորական ջոկատով 29 սեպտեմբերէն մարտական դիրքերն վրայ է: Երեւանի մէջ կազմաւորուած ջոկատը՝ հրամատարի գլխաւորութեամբ հերոսական բազմաթիւ ռազմագործողութիւններու հեղինակ դարձած է` ետ մղելով թշնամիին եւ պատճառելով անոր մեծաքանակ կորուստներ: Տղաներէն շատերը եւս ներկայացուած են պարգեւատրման:

Հպարտ եմ ձեզմով:

Փա՛ռք ու պատիւ մեր Հարենիքի բոլոր պաշտպաններուն»: