Սուրէն Պապիկեան նշանակուեցաւ պաշտպանութեան նախարար

2021-11-15
Image

Արշակ Կարապետեան ազատուած է պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն, այդ պաշտօնին նշանակուած է Սուրէն Պապիկեանը: Այս մասին կը տեղեկանենք ՀՀ նախագահի հրամանագրերէն:

Հրամանագրերը՝ ստորեւ.

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի. Արշակ Կարապետեանին ազատել պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնից»:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի. Սուրէն Պապիկեանին նշանակել պաշտպանութեան նախարար»:

Նշենք, որ ՀՀ նախագահի մէկ այլ հրամանագրով՝ Սուրէն Պապիկեանը ազատուած է ՀՀ փոխվարչապետի պաշտօնէն:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի. Սուրէն Պապիկեանին ազատել փոխվարչապետի պաշտօնից», ըսուած է հրամանագրին մէջ: