Սպանիայէն յորդոր՝ Ատրպէյճանին. Զօրքերը դուրս բերել Հայաստանէն

Սպանիոյ Պատգամաւորներու քոնկրէսի արտաքին գործոց յանձնաժողովն ընդունած է միջնորդութիւնը, որով կը յորդորէ կառավարութեան՝ պահանջել Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն՝
․Իրագործել 9 նոյեմբերի 2020-ի համաձայնագիրը
․Մարդկային վերաբերմունք ցուցաբերել ռազմագերիներու նկատմամբ, անյապաղ ազատ արձակել բոլոր հայ քաղաքացիական անձերն ու զինուորականները, որոնք Ատրպէյճանի մէջ կը պահուին ռազմագերիներու կարգավիճակով
․Տեղեկութիւններ տրամադրել Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր անձանց վերաբերեալ
․Դուրս բերել զօրքերը Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն։
Այս մասին յայտնած է Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։