Ստեղծուած իրավիճակին մէջ կը կարեւորուի մեր համատեղ ջանքերու կեդրոնացումը. Փոխվարչապետ

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, որ պայմանաւորուած է ռազմական դրութեամբ, կը կարեւորուի մեր համատեղ ջանքերու կեդրոնացումը։ Այս մասին 2 նոյեմբերին Ազգային ժողովի Ֆինանսավարկային եւ պիւտճէթային հարցերով խորհրդարանական մշտական յանձնաժողովի նիստի ժամանակ 2021 թուականի պիւտճէի նախագիծի քննարկման ժամանակ ըսած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը։
Անոր խօսքով՝ Հայաստանը յաջողած է կայուն մաքրոտնտեսական միջավայր ապահովել ինչպէս 2019 թուականին, այնպէս ալ 2020 թուականին, որ աննախադէպ յաջողութիւն է, յատկապէս համավարակի եւ պատերազմի պայմաններուն մէջ, որ Թուրքիոյ աշխոյժ աջակցութեամբ սանձազերծած է Ատրպէյճանը։
Փոխվարչապետը նաեւ յիշեցուցած է, որ երկրի երկարաժամկէտ զարգացման եւ ճիւղային ռազմավարութիւններու վերանայման աշխատանքը սկսած է 2018 թուականին, իսկ 2019 թուականին արդէն բազմաթիւ շտկումներ կատարուած են ինչպէս ճիւղային ռազմավարութիւններու, այնպէս ալ ընդհանուր ռազմավարութեան մէջ:
«Ակնյայտ է, որ 2021 թուականը լարուած պիտի ըլլայ, բայց ես վստահ եմ, որ համատեղ աշխատանքի շնորհիւ մենք պիտի կարողանանք պիւտճէ ունենալ, որուն մէջ հաշուի պիտի առնուին հնարաւոր բոլոր վտանգները եւ մարտահրաւէրները, պիտի կեդրոնացուին անհրաժեշտ բոլոր միջոցները անոնց արդիւնաւէտ չէզոքացման համար, քանի որ այդ պիտի ապահովէ երկրի ընկերային-տնտեսական զարգացումը, կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը»,- շեշտած է Գրիգորեանը։