Ստեփանակերտը կը հրթիռակոծուի հեռահար հրթիռներով․ ԱԻՊԾ

Ատրպէյճանաթրքական ուժերը կը շարունակեն պատերազմական յանցագործութիւնները, մասնաւորապէս, կրակի տակ պահելով Արցախի խաղաղ բնակավայրերն ու բնակչութիւնը։
Ստեփանակերտը կը հրթիռակոծուի հեռահար հրթիռներով։
Թիրախակէտին բազմաբնակարան շէնքերն են, բնակելի թաղամասերը, հանրային ու տնտեսական նշանակութեան կառոյցները։
Այս տարածքներուն մէջ ռազմական որեւէ կառոյց չկայ, կը յայտնէ ԱՀ ԱԻՊԾ-ն։