Ստեփանակերտի երկնքին գիշերը հակառակորդի 2 ԱԹՍ եւս խոցուած Է

2020-09-30
Image

Արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծի ողջ երկայնքով կը շարունակուի հրետանային փոխհրաձգութիւնը: Այս մասին Facebook-ի իր էջին գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

«Արցախեան ռազմաճակատի ամբողջ երկարութեամբ՝ այս պահու դրութեամբ՝ հրետանային փոխհրաձգութիւն է։

Գիշերուան ընթացքին Ստեփանակերտի երկնքին խոցուած է հակառակորդի 2 ԱԹՍ»,- նշած է Ստեփանեան: