Ստեփանակերտի մէջ բարդ վիճակ. 10 Երեխաներ կը գտնուին վերակենդանացման բաժին

2022-12-19
Image

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բուժհաստատութիւններուն մէջ կը շարունակեն դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։ ԱՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ առաջին բուժօգնութեան համար անհրաժեշտ դեղերու եւ բժշկական պարագաներու պակաս այս պահուն չկայ, բայց մատակարարումը կը շարունակէ մնալ անհնարին:

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»-ին մէջ 11 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, որոնցմէ 4-ը կը գտնուին ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ, բժիշկներու կողմէ կը կատարուի հնարաւորը հիւանդներու վիճակը կայունացնելու համար:

ԱՀ «Արեւիկ բուժմիաւորման» մէջ 10 երեխայ կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ: Երեխաներէն մէկը կը գտնուի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ: Արցախի բժիշկները անհրաժեշտ բուժօգնութիւնը կը ցուցաբերեն՝ առցանց կապով խորհրդակցելով ՀՀ մասնագէտներու հետ:

ԱՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը ձեռնարկէ հնարաւոր բոլոր միջոցները շրջափակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը պատշաճ յաղթահարելու համար։