Ստեփանակերտի մէջ ընտրական կեդրոնական հաւաք՝ մասնակցութեամբ ՌԱԿ պատուիրակութեան

2020-03-18
Image

Ինչպէս աւելի վաղ «Ռամկավար Մամուլ» նշած էր, անցնող օրերուն Արցախի մէջ տեղի ունեցած են ընտրական հաւաքներ, գլխաւորութեամբ «Նոր Արցախ» դաշինքի նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլաենի եւ մասնակցութեամբ Արցախի ՌԱԿ մարմնի ներկայացուցիչ Ընկ. Բարդուղ Գալստեանի եւ ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան ընկերներու:

 

2

 

Նշենք, որ Արցախ եռօրեայ այցի եւ հանրահաւաքներու մասնակցութեան շարքի վերջին հանդիպումը տեղի կ'ունենար Ստեփանակերտի ՌԱԿ գրասենեակի դիմաց գտնուող տարածքին վրայ, ուր հաւաքուած էին մեծ թիւով արցախցիներ: Նշմարելի էր նաեւ, որ հաւաքուողներու տարիքային սահմանափակում չկար, այնտեղ էին մեծ ու փոքր, միջին հասակի, ինչպէս նաեւ տարեց արցախցիներ:

 

1

 

Նախ գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, տեղի ունեցաւ համերգ, որու ընթացքին երիտասարդ տաղանդաւոր երգիչներ հնչեցուցին ազգային հայրենասիրական երգեր:

Յուզիչ էր մանաւանդ ներկաներուն արձագանգը առկայ մթնոլորտին վերաբերեալ ու նշմարելի էր, որ արցախցիները շատ մեծ յարգանք, համակրանք ու վստահութիւն ունին «Նոր Արցախ» դաշինքի նախագահական թեկնածու Տիար Մասիս Մայիլեանին:

 

3

 

Հանրահաւաքի ընթացքին գլխաւոր խօսքը առաւ նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեան: Ան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան անդամներուն եւ անոնց միջոցաւ ՌԱԿ-ի աշխարհատարած շրջանակներուն եւ համակիրերուն:

Ան նաեւ նշեց, որ Արցախ Սփիւռք յարաբերութիւնները կը գտնուին կարեւոր եւ շրջադարձային օրերու մէջ, այն իմաստով, որ արցախցին միշտ բարձր արժեւորած է սփիւռքահայերու նեցուկը եւ ցուցաբերած շօշափելի օժանդակութիւնն ու թիկունքը, սակայն յստակ է նաեւ, որ տարբեր իմաստներով եւ պատեհ անպատեհ առիթներով Արցախի հանդէպ սփիւռքի ցոյց տուած նեցուկը շահագործուած է եւ մսխուած:

 

2

 

Ան նաեւ կոչ ուղղեց սփիւռքի մարմիններուն  հետամուտ ըլլալ Արցախի մէջ ընթացող գործընթացներուն, հաւատացնելով, որ Արցախ-Սփիւռք գործակցութիւնը ամուր հիմքերու վրայ է եւ արցախցին միշտ ալ բարձր գնահատած է սփիւռքահայերու մօտեցումն ու սէրը Արցախի նուիրական եւ հերոսական հողին ու խոյացող ժողովուրդին նկատմամբ:

Հանրահաւաքին նոյնպէս խօսք առին ժողովրդային ներկայացուցիչներ, որոնք կարեւորեցին այս ընտրութիւնները յաղթանակով պսակելու առաջնահերթութիւնը: 

Ընտրական հաւաքը աւարտեցաւ ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, որմէ ետք Մասիս Մայիլեան այցելեց ՌԱԿ-ի Ստեփանակերտի գրասենեակ:

 

5

Հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ էին ՌԱԿ պատուիրակութեան անդամներ, Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանի գլխաւորութեամբ, քննարկուեցան ՌԱԿ-ի եւ Արցախի միջեւ գործունէութեան ընդհանուր շրջածիրը եւ շեշտը դրուեցաւ ապագային ալ այդ համագործակցութիւնը աւելի դրական եւ գործնական քայլերով ուղղորդելու կարեւորութեան վրայ:

‘Ընկ. Գարատանայեան Պրն. Մայիլեանին հաղորդեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնները եւ անգամ մը եւս հաստատեց, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ իր բոլոր միջոցներով զօրավիգ կանգնիլ հայրենի մեր զոյգ իշխանութիւններուն, որպէսզի Սփիւռքի հետ համատեղ ուժերով իրագործեն համայն հայութեան գերագոյն շահերը պաշտպանելու գերնպատակը:

Կիրակի օրուան ընտրական հաւաքի աւարտին ՌԱԿ պատուիրակութեան անդամները երեք բարեյաջող օրեր անցնելէ ետք վերադարձան քաղաքամայր Երեւան: