Ստեփանակերտի մէջ խմելու ջուրի հարցը՝ օրախնդիր

Ջերմաստիճանի աննախադէպ բարձրացմամբ պայմանաւորուած՝ Ստեփանակերտի մէջ խմելու ջուրի խնդիրը կը շարունակէ մնալ օրախնդիր: Այս մասին տեղեկացուցած են Արցախի Հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն։
ՆԳ նախարարութեան ԱԻ պետական ծառայութեան եւ «Ջրմուղ կոյուղի» ՓԲԸ հետ համատեղ ստեղծուած աշխատանքային խումբը գիշեր-ցերեկ ջուր կը մատակարարէ Ստեփանակերտի բնակիչներուն:
Որոշակի ժամանակացոյցով ջուր մատակարարելու համար ծառայութիւնը գործի դրած է ամբողջ ներուժը:
Հրշէջ մեքենաները կը շրջին փողոցներով եւ խմելու կենարար ջուրը կը հասցնեն բնակչութեան: Փրկարարները կ'օգնեն նաեւ տարեց եւ հաշմանդամութեան խնդիր ունեցող մարդոց:
Այս պահուն ջուրի խնդիր ունի մայրաքաղաքի մօտ 30 տոկոսը: ՆԳ նախարար Կարէն Սարգսեանի հրամանով՝ ջրամատակարարումը պիտի իրականացուի այնքան ժամանակ՝ մինչեւ վերջնականապէս լուծում ստանայ խմելու ջուրի հարցը:
Երէկ ջրամատակարարումը շարունակուած է առաւօտէն՝ ուշ գիշեր, վերսկսած՝ լուսաբացին: Աշխատանքին հետեւած է ԱԻ պետական ծառայութեան տնօրէն Մեխակ Արզումանեանը: