Ստեփանակերտի մէջ պիտի յայտարարուի Լռութեան րոպէ, պիտի կայանայ Խաչերթ

2022-09-26
Image

27 Սեպտեմբերին, ժամը 11:00-ին Ստեփանակերտի Սբ. Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն պիտի մեկնարկի խաչերթ՝ Հայոց բանակի պահապան Աշոտ Երկաթ Սուրբ Խաչի առաջնորդութեամբ դէպի յուշահամալիր` ի յիշատակ 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներու: Այս մասին կը տեղեկացնեն 27 Սեպտեմբերին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովէն:

Աղբիւրի տեղեկատւութեամբ՝ 27 սեպտեմբերին ժամը 11:00-ին Արցախի Հանրապետութեան մէջ յայտարարուած է Լռութեան րոպէ (վայրկեան)՝ ի յիշատակ 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներու: «Խնդրում ենք վարորդներին, քաղաքացիներին յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցել»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: