Ստեփանակերտի շինութիւններէն մէկուն մէջ հրդեհ բռնկած է, որմէ ետք պայթում եղած է

2022-08-25
Image

Ստեփանակերտի մէջ  արտակարգ պատահար մը գրանցուած է։ Լսելի դարձած է պայթում, որմէ անմիջապէս ետք ծագած է հրդեհ մը։

Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան Ներքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Յունան Թադեւոսեանը։

Կը նշուի, որ պայթումն ու հրդեհը բռնկած է շինարարութեան մէջ գտնուող կառոյցի մը մէջ։

Մանրամասնութիւններուն մէջ կը հաղորդուի, որ պայթումը եղած է  թթուածնային սարքաւորումներու գործարանի մը մէջ, որուն հետեւանքով ալ պայթած են թթուածին պարունակող տակառներ։

 Դէպքին մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի ԱԻՆ-ը  տեղեկացնելով, որ կարելի եղած է հրդեհը մասնակիօրէն  մարել եւ յորդորելով քաղաքացիներուն խուճապի չմատնուիլ։