Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ դիմաւորեր եմ կեանքիս ամենածանր լուսաբացներէն մէկը. Արայիկ Յարութիւնեան

2020-11-08
Image

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը դիմատետրի իր էջին Ստեփանակերտի հրապարակէն լուսանկար հրապարակած է եւ գրած է.

«Սիրելի ՛ հայրենակիցներ,

Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ դիմաւորեր եմ կեանքիս ամենածանր լուսաբացներէն մէկը… Մեր Հայրենիքի պաշտպաններուն հետ կանգնած ենք մինչեւ վերջ: Կենաց-մահու պայքարը կը շարունակուի»: