Ստեփանակերտ-Գորիս միջպետական մայրուղին դեռ երկկողմանի փակ է

2022-12-13
Image

Ատրպէյճանական հերթական սադրանքի հետեւանքով մէկ օր շարունակ փաստացի շրջափակման մէջ է  Արցախի Հանրապետութիւնը եւ ոտնահարուած են հազարաւոր քաղաքացիներու իրաւունքները։

Ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած, Հայաստանէն Արցախ եկող քաղաքացիները գիշերած են Գորիս, մէկ մասը`այդ շարքին կանայք ու երեխաներ, Շուշիի շրջանի Լիսագոր համայնքին մէջ։ 

Յիշեցնենք, որ 12 դեկտեմբերին ժամը 10։30-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական կողմը խախտելով 2020 թուականի 9 նոյեմբերի եռակողմ համաձայնագրի դրոյթները, բնապահպանական պատճառաբանութիւններով փակած է Արցախն աշխարհին կապող կեանքի միակ ճանապարհը, ոտնահարելով քաղաքացիական բնակչութեան կենսական շահերն ու իրաւունքները: Ընդհատուած է Շուշիի շրջանի Լիսագոր, Մեծ շէն, Հին շէն եւ Եղցահող գիւղերու փոխադրային կապը մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ։

Իրավիճակի զարգացումներու վերաբերեալ Ներքին գործոց նախարարութիւնը պիտի տրամադրէ լրացուցիչ տեղեկութիւն։ 

Լուսանկարը` Լիսագորէն