Ստեփանակերտ. հակառակորդը կիրառած է «Սմերչ». աւերուած է մէկ բնակելի տուն, տան տէրը եւ հարեւանը վիրաւորուած են

2020-10-29
Image

Առաւօտեան ժամը 8-ին, Ստեփանակերտի մէջ յայտարարուած է օդային տագնապ: 08:03-ին լսուած է հրթիռի հերթական հարուածի ձայնը: Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն:

Մայրաքաղաքի ծայրամասային փողոցներէն մէկուն մէջ ատրպէյճանական ուժերը կիրառած են «Սմերչ» տիպի համազարկային համակարգ: Աւերուած է մէկ բնակելի տուն, հարուածէն ամբողջութեամբ փլած է յարակից շինութիւնը եւ վնասուած է մէկ մեքենայ: Տան տէրը եւ հարեւանը վիրաւորուած են եւ տեղափոխուած բուժհաստատութիւն: