Ստորագրուած է հայկական նոր ազգային օդանաւային ընկերութեան ստեղծման վերաբերեալ համաձայնագիր

2021-07-15
Image

Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է «Էյր Արապիա» օդանաւային ընկերութեան խորհուրդի նախագահ՝ Շէյխ Ապտալլա պըն Մոհամմէտ Ալ Թանին: Հանդիպման ընթացքին ընդգծաուած է, որ այցի առթիւ, եւ նախնական պայմանաւորութածութեան համաձայն, պիտի ստորագրուի հայկական նոր ազգային օդանաւային ընկերութեան ստեղծման վերաբերեալ համաձայնագիր:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է այսօր Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի եւ Մերձաւոր Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջաններու ամենախոշոր օդանաւային «Էյր Արապիա»-ի միջեւ հայկական նոր ազգային օդանաւային ընկերութեան ստեղծման վերաբերեալ համաձայնագիրի ստորագրումը:

Վարչապետի պաշտօնակատարը գոհունակութեամբ նշած է, որ ՀՀ քաղաքացիական օդագնացութեան, Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի եւ օդանաւային ընկերութեան միջեւ քանի մը ամիսներու սերտ ու հետեւողական բանակցութիւններու հետեւանքով հնարաւոր դարձած է կեանքի կոչել այս յաւակնոտ ծրագիրը: