Սրիկայութիւն է հիմնադրամի նկատմամբ մտածուած անվստահութիւն սերմանելն ու արտասահմանի մէջ «դեբոշներ» կազմակերպելը. Վիգէն Խաչատրեան

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ հաւաքագրուած եւ ՀՀ պետական պիւտճէ փոխանցուած միջոցներու օգտագործումը ուսումնասիրելու նպատակով իրաւունքի ուժով ստեղծուած է ԱԺ քննիչ յանձնաժողով: Այս մասին այսօր՝ 26 Հոկտեմբերին, Ազգային ժողովի հերթական նիստի ընթացքին տեղեկացուցած է ԱԺ փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան եւ նշած, որ այժմ պիտի քննարկուի քննիչ յանձնաժողովի անդամներու թիւի վերաբերեալ օրէնքի նախագիծը:
«Ես ունեմ կապեր Սփիւռքում, եւ իմ ընկերները ամիսներ տեւող անհանգստութիւն են յայտնում, որ մտածուած քաղաքականութիւն է վարուում վարկաբեկելու այս հիմնադրամը, եւ անվստահութիւն են սերմանում, որ չարժէ հիմնադրամին գումարներ փոխանցել, քանի որ այն չարաշահուում է»,- իր ելոյթին մէջ յայտարարած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վիգէն Խաչատրեանը եւ աւելցուցած. «Այ սա ես համարում եմ սրիկայութիւն»:
Անոր խօսքով՝ ընդդիմութեան խնդիրն է խոշորացոյցի տակ վերցնել իշխանութիւնը եւ գտնել ու մատնանշել թերութիւնները. «Դա ես ողջունում եմ, դա ընդդիմութեան շատ օգտակար առաքելութիւններից մէկն է, բայց թացը չորի հետ խառնել...»:
«Պակաս սրիկաիւթիւն չէ, երբ պաշտօնական պատուիրակութիւնը լինում է արտասահմանում, եւ այնտեղ ցուցադրուում է արհամարհանք այդ պետութեան պատուիրակութեան հանդէպ՝ կազմակերպելով, ներողութիւն այդ բառի համար, դեբոշներ, մինչդեռ կարելի է ընդունելութիւն խնդրել, պահանջներ ներկայացնել»,- աւելցուցած է Վիգէն Խաչատրեան:
Պատգամաւորը նաեւ նշած է, որ յանձնաժողովը ընդդիմութեան մենաշնորհը չէ. «Բոլորով կը մասնակցենք, կը համոզուենք, սխալներ կը լինեն՝ պատասխանատուութեան կը կանչենք, սխալներ չենք յայտնաբերի՝ կը հասկանանք, որ սրիկայութիւն չի կարելի անել: Այնպէս որ սրիկայութեան մասին խօսելիս մի քիչ զգոյշ եղէք»: