Սփիւռքահայ բարերարները ՀՀ ՊՆ-ին նուիրած են թեթեւ ամենագնացներ

2021-10-08
Image

Հոկտեմբեր 8-ին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանը ՊՆ վարչական համալիրին մէջ ընդունած է սփիւռքահայ բարերարներ, որոնք պաշտպանական գերատեսչութեան, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու եւ շրջակայ միջավայրի նախարարութիւններուն նուիրած են թեթեւ ամենագնացներու խմբաքանակ:

Ողջունելով հիւրերը՝ Արշակ Կարապետեան հաւաստիացուցած է, որ թէեւ կը կատարուի առաւելագոյնը` զինուած ուժերը օր առաջ անհրաժեշտ ինքնաշարժներով համալրելու համար, այնուհանդերձ, Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին աջակցելու պատրաստակամութեան այսպիսի դրսեւորումները ողջունելի են եւ, միաժամանակ, կ՝ամրապնդեն բանակ-հասարակութիւն կապը։

Զինուած ուժերուն ցուցաբերած շարունակական աջակցութեան համար, պաշտպանութեան նախարարի հրամանով, սփիւռքահայ բարերարները պարգեւատրուած են «Ռազմական համագործակցութեան համար» մետալով:

5