Վաղ առաւօտեան հակառակորդը վերսկսած է Արցախի խաղաղ բնակավայրերու թիրախաւորումը. Ոչնչացուած է թրքական հերթական «Պայրաքտար»ը

2020-10-29
Image

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ կայուն-լարուած դաշտային իրադրութիւնը էական փոփոխութիւններու չէ ենթարկուած:

Կէսգիշերէն ետք եւ վաղ առաւօտեան հակառակորդը վերսկսած է Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերու թիրախաւորումը: Մասնաւորապէս թշնամական ուժերու կողմէ համազարկային կրակի «Սմերչ» համալիրներէ հրթիռակոծութեան ենթարկուած են Ստեփանակերտը, Շուշին եւ յարակից խաղաղ բնակավայրերը:

Քիչ առաջ ՊԲ-ի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու կողմէ ոչնչացուած է թշնամական հերթական «Պայրաքտար» տիպի հարուածային անօդաչուն:

ՊԲ ստորաբաժանումները կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել առաջադրուած մարտական խնդիրները՝ մարտավարական իրադրութիւնը պահելով վերահսկողութեան տակ: