Վարակակիրներու թիւը օրէ օր կ'աճի. հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 1152 նոր դէպք

2021-10-02
Image

2 Հոկտեմբերի, ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է «քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 263 783 դէպք, որոնցմէ 243 341-ն` առողջացած, 5354-ը` մահուան ելքով: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 13 876 հիւանդ: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 1 733 726 քննութիւն:

Այսպիսով` երէկ կատարուած է 9656 քննութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 1152 նոր դէպք: Ունինք 772 առողջացած, 15 մահուան դէպք:

Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 1 դէպք, երբ հիւանդը ունեցած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 1212 է: