Վարանտայի շրջանին մէջ փրկարարները տարհանած են եւս 3 աճիւն

Վարանտայի (Ֆիզուլի) շրջանին մէջ այսօր իրականացուած որոնողական աշխատանքներու ընթացքին փրկարարները տարհանած են եւս 3 աճիւն:
Այս մասին յայտնած են ԱՀ ԱԻՊԾ-էն:
Այսպէս, 2020 թուականի 13 Նոյեմբերէն մինչեւ 2021 թուականի 21 Յունիսը ներառեալ՝ Ատրպէյճանի կողմէ բռնազաւթուած տարածքներէն յայտնաբերուած եւ տարհանուած է 1583 աճիւն, որմէ 27-ը նախնական տուեալներով՝ քաղաքացիական անձիք են: