Վարանտայի (Ֆիզուլի) շրջանէն յայտնաբերուած եւ տարհանուած են եւս 4 աճիւն

Զոհուած զինծառայողներու աճիւններու որոնողական աշխատանքներու հետեւանքով, Ներքին գործոց նախարարութեան ԱԻ պետական ծառայութեան փրկարար ջոկատները Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջանէն յայտնաբերած եւ տարհանած են եւս 4 աճիւն:
Նախնական տուեալներով անոնք բոլորը ռազմագործողութիւններու մասնակիցներ են:
Ինքնութիւնը պարզելու նպատակով պիտի նշանակուի դատաբժշկական փորձաքննութիւն:
Զինադադարէն ետք փրկարար ջոկատներու կողմէ իրականացուած որոնողական աշխատանքերու շնորհիւ յայտնաբերուած կամ ատրպէյճանական կողմէ հայկական կողմին փոխանցուած աճիւններու ընդհանուր թիւը 1557 է: