Վարչապետը այդ որոշումը կայացուց իմ առաջարկով. ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ

«Հայկական ժամանակ»–ը կը գրէ․
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ համատեղ յայտարարութիւնը ստորագրած է եւ այդ որոշումը կայացուցած է նաեւ իմ առաջարկութեամբ:
Այս մասին «Հայկական ժամանակ»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանը: «Վարչապետը այդ որոշումը կայացուցած է իմ առաջարկութեամբ՝ հաշուի առնելով ստեղծուած իրադրութեան բազմակողմանի գնահատման արդիւնքները: Այդ որոշումը ծայրայեղ անհրաժեշտութիւն էր, որու չընդունիլը կրնար յանգեցնել անդառնալի կորուստներու: Սա պէտք է միանշանակ ընդունիլ եւ հասկնալ: Ես այդ որոշումը շատ ճիշդ կը համարեմ՝ անկախ բոլոր շահարկումներէն: Սա բոլորիս համար շատ դառն, բայց առարկայական իրադրութեան գնահատման հետեւանք էր»,- ըսած է զօրավար-գնդապետը: