Վարչապետը ծաղիկներ դրաւ Վազգէն Սարգսեանի կիսանդրիին

Հայաստանի Ազգային հերոս, Արցախի հերոս, Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան օրուան առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ծաղիկներ խոնարհած է Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին՝ յարգանքի տուրք մատուցելով անոր յիշատակին:
Յուշարձանը կը գտնուի Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան փողոցին մէջ: