Վարչապետը հանդիպած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ղեկավարներու հետ

2022-09-20
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան մէջ հանդիպած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ համագործակցութեան խորհրդակցական ժողովի մասնակից կուսակցութիւններու ղեկավարներու հետ:

Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութենէն:

Հանդիպմանը մասնակցած են «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանը, Հայաստանի Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Լեւոն Շիրինեան, «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Մհեր Տէրտէրեան, Սոցիալ-դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեան, Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Հայաստանի վարչութեան ատենապետ Սեդրակ Աճեմեանը, Հայաստանի եւրոպական կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Խզմալեան, «Ուժը հայրենեաց» կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Արզաքանցեան: