Վարչապետին ներկայացուեցան կեանքի պուրակին նախագիծն ու նախատեսուող աշխատանքները

2021-09-28
Image

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ՝ Պատուոյ պահակախումբին կողմէ պահպանուող ծառերուն մօտ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուեցաւ Երեւանի բուսաբանական այգիին մէջ հիմնուելիք կեանքի պուրակին նախագիծն ու յառաջիկային նախատեսուող աշխատանքները:

Պուրակին մէջ, որ պիտի ունենայ 25-30 հա տարածք, պիտի տնկուին Արցախեան պատերազմներու բոլոր զոհերուն կենդանութիւնն ու ներկայութիւնը խորհրդանշող ծառեր, իսկ կենաց ծառը պիտի խորհրդանշէ մեր բոլոր նահատակները եւ հայրենիքին տուած անոնց կեանքը:

Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակին նուիրուած իր ուղերձին մէջ վարչապետը նշած էր, որ Բուսաբանական այգիին մէջ պիտի ըլլայ կենաց պուրակ մը, ուր պիտի վազվզեն, աղմկեն, խաղան երեխաները, ժամանց ունենան երիտասարդները, ճեմեն ու զրուցեն մեծահասակները: «Եւ այդ պուրակը պիտի ըլլայ Հայաստանի ու Արցախի ապրելու համար զոհուածներուն յիշատակին: Եւ Հայաստանի ապրիլը, Արցախի ապրիլը, խաղաղ ու զարգացող հայոց պետականութիւնը պիտի դառնայ այն յաղթանակը, զոր անոնք կերտեցին:

Այստեղ ահա, այս լուսաւոր հրապարակին սիրտը տեղադրուած, հայոց դրօշներով պարուրուած եւ Պատուոյ պահակախումբին կողմէ պահպանուող այդ ծառերը պիտի տեղափոխուին Բուսաբանական այգի՝ խորհրդանշելով Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան նոր դարաշրջանին մեկնարկը, խաղաղ զարգացման դարաշրջանին մեկնարկը»,- նշած էր Նիկոլ Փաշինեանը: