Վարչապետի նամակէն ետք խորհրդակցութիւնները սկսած են. Ռուսաստանը արդէն իրականացուցած էր գործողութիւններ. Վ.Յարութիւնեան

2020-11-03
Image

ՀՀ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական, պաշտպանութեան նախկին նախարար, զօրավար-լեյտենանտ Վաղարշակ Յարութիւնեան Հայկական Ժամանակի հետ զրոյցին տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ 1997 թուականին կնքուած պայմանագրի համաձայն՝ անհրաժեշտութեան պարագային, Ռուսաստանը կը կատարէ Հայաստանի նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները: Յարութիւնեանի հաղորդմամբ՝ Հայաստանի վարչապետի նամակէն յետոյ սկսած են խորհրդակցութիւնները, որոնց հետեւանքով կ'որոշուին Ռուսաստանի միջամտութեան չափը, տեսակը եւ անհրաժեշտութիւնը:

«Այնպէս որ ամէն ինչ կ'ընթանայ իր հունով՝ ստեղծուած իրավիճակին համապատասխան: Նոր չէ, որ ռուսական կողմը պիտի իրականացնէ գործողութիւններ, ան արդէն իրականացուցած է»,- վստահեցուցած է Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր խորհրդականը: