Վարչապետի որոշմամբ Կարէն Գիլոյեանը նշանակուած է ԿԳՄՍ փոխնախարար

2020-12-30
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 29 դեկտեմբերին որոշում ստորագրած է, որուն մէջ ըսուած է․

«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9-րդ յօդուածի 1-ին մասով՝
Կարէն Գիլոյեանին նշանակել կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի տեղակալ»:

Կարէն Գիլոյեանը մարզական մեկնաբան է, երկար տարիներ աշխատած է Հանրային հեռուստաընկերութեան մէջ։ 2000 թուականէն նաեւ Հայաստանի տարթսի (տէգախաղ) ֆետերացիայի հիմնադիր նախագահն է։ Ան աւարտած է Երեւանի ճարտարագիտական համալսարանի մեքենաշինական արդիւնաբերութեան տնտեսութիւն, կառավարում, ապա՝ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժինները։