Վարչապետ Փաշինեան Ալմաթիի մէջ հանդիպում ունեցած է Խըրխըզիստանի վարչապետի հետ

Աշխատանքային այցով Ղազախստանի Հանրապետութիւն գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 5 փետրուարի առաւօտեան հանդիպում ունեցած է Խըրխըզիստանի նորանշանակ վարչապետ Ուլուկպեք Մարիպովի հետ:
Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած է Ուլուկպեք Մարիպովը Խըրխըզիստանի վարչապետի բարձր պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ եւ մաղթած է յաջող գործունէութիւն։ Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանն ու Խըրխըզիստանը սերտ համագործակցութիւն ունին երկկողմ ու բազմակողմ ձեւաչափերով, ինտեգրացիոն (համարկման) միաւորումներու շրջածիրէն ներս, եւ Հայաստանը հետաքրքրուած է գործընկերային կապերու խորացմամբ։
Խըրխըզիստանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ վարչապետին բարձր գնահատականի համար եւ ընդգծած, որ իր երկիրը կարեւոր նշանակութիւն կու տայ Հայաստանի հետ գործընկերութեան սերտացման։ Անոր խօսքով՝ երկու երկիրները կը կապեն աւանդական ջերմ յարաբերութիւնները, եւ պէտք է աշխատիլ առեւտրատնտեսականէն մինչ մշակութային-մարդասիրական ոլորտներ գործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ։
Զրուցակիցներն ընդգծած են քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը եւ վերահաստատած փոխյարաբերութիւնները խորացնելու շահագրգռուածութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ուլուկպեք Մարիպովը միտքեր փոխանակած են առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման շուրջ։ Այս ծիրէն ներս անդրադարձ եղած է տարածաշրջանին մէջ փոխադրային հաղորդակցութիւններու վերաբացման եւ ճանապարհներու ապաշրջափակման հետեւանքով ստեղծուող հնարաւորութիւններուն, ենթակառուցուածքներու զարգացման հեռանկարներուն։ Կողմերը փոխանակուած են «Քորոնա» ժահրի համավարակի յաղթահարման միջոցառումներու վերաբերեալ տեղեկատւութեամբ եւ պայմանաւորուած աշխոյժացնել բարձր մակարդակի փոխադարձ շփումները՝ համաճարակային իրավիճակի կայունացման զուգահեռ։