Վարչապետ Փաշինեան Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրեց ՌԱԿ Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը
25 Յունիս, 2022-ին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան ՀՀ ԱԺ շրջափակին մէջ պարգեւատրուեցաւ «Երախտագիտութեան մետալ» ՀՀ պետական պարգեւով:
ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՌԱԿ հիմնադրութեան 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանին յանձնեց իր միջնորդութեան հիմքով ՀՀ նախագահի կողմէ հաստատուած Երախտագիտութեան մետալը՝ Երկարամեայ հայրենանուէր գործունէութեան համար:
Հանդիսութեան ելոյթ ունենալով, ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց Ընկ. Խարապեանը «Երախտագիտութեան մետալ»ի արժանանալու առիթով, եւ յայտարարեց, որ մետալը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կատարած աշխատանքի գնհատանքն է Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու կողմէ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՀ նախագահական կայքին մէջ հրապարակուած հրամանագրին գրութիւնը, որուն մէջ ըսուած է.
«Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւների եւ պատուաւոր կոչումների մասին» օրէնքի 5.3-րդ յօդուածի 1-ին մասի՝ Երկարամեայ հայրենանուէր գործունէութեան համար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Միքայէլ Նուպարի ԽԱՐԱՊԵԱՆԻՆ պարգեւատրել Երախտագիտութեան մետալով»: