Վարչապետ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահին հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
ՀՀ վարչապետը յայտնած է, որ Ատրպէյճանը կէսգիշերէն սադրիչ եւ յարձակողական ռազմական գործողութիւններ սկսած է Հայաստանի ինքնիշախան տարածքի նկատմամբ՝ սահմանի տարբեր ուղղութիւններով: Նիկոլ Փաշինեան խոր մտահոգութիւն յայտնած է ստեղծուած իրավիճակի առնչութեամբ եւ ընդգծած միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը:
Նախագահ Մաքրոնն անթոյլատրելի համարած է լարուածութեան հետագայ խորացումը եւ շեշտած իրավիճակը լիցքաթափելու անհրաժեշտութիւնը: