Վարչապետ Փաշինեան մասնակցած է ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մասնակցած է ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին, որ կայացած է տեսակապի միջոցով:
Ինչպէս ՀՀ կառավարութենէն տեղեկացուցած են, նիստին մասնակցած են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու՝ Ռուսաստանի, Հայաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախիստանի, Տաճիկիստանի, Ղրղզիստանի ղեկավարները, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը, ինչպէս նաեւ, որպէս հրաւիրեալ՝ Ուզպեքիստանի նախագահը:
Նիստի ընթացքին ՀԱՊԿ առաջնորդները քննարկած են ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտիին մէջ անվտանգութեան ապահովման, Աֆղանիստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին առնչուող հարցեր: