Վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորած է Իրանի Այաթոլլա Խամէնիյին եւ նախագահ Ռուհանին

2021-02-11
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանիին եւ Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Սեյիտ Ալի Խամէնիին՝ Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակի 42-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ:

Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշուած է.

«Ձերդ Գերազանցութիւն,

Ջերմօրէն շնորհաւորում եմ Ձեզ եւ Իրանի բարեկամ ժողովրդին՝ Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակի 42-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ:

Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ դարաւոր բարեկամութիւնն ու պատմական խոր աւանդոյթները լաւագոյն հիմքն են փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման եւ խորացման համար:

Տարածաշրջանում ստեղծուած բարդ աշխարհաքաղաքական իրավիճակն առաւել մեծ կարեւորութիւն է տալիս երկկողմ փոխշահաւէտ ծրագրերի շուտափոյթ եւ լիակատար իրականացմանը՝ ի շահ մեր ժողովուրդների եւ տարածաշրջանի:

Մաղթում եմ Ձեզ քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Իրանի բարեկամ ժողովրդին՝ բարեկեցութիւն եւ խաղաղութիւն»:

 

Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Սէյիտ Ալի Խամէնիին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ ըսուած է.

«Ձերդ Վսեմութիւն,

Ջերմօրէն շնորհաւորում եմ Ձեզ եւ Իրանի բարեկամ ժողովրդին՝ Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակի 42-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ:

Տարածաշրջանում ստեղծուած բարդ իրավիճակը նորովի է կարեւորում մեր ժողովուրդների միջեւ առկայ բարեկամութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով առաւել խոր փոխգործակցութեան:

Հայաստանը վճռական է բարեկամ Իրանի հետ առաջ մղելու երկկողմ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը՝ ի շահ մեր ժողովուրդների եւ տարածաշրջանի:

Ձերդ Վսեմութեանը մաղթում եմ քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն, իսկ Իրանի բարեկամ ժողովրդին՝ խաղաղութիւն եւ առաջընթաց»: