Վերին Շորժա գիւղի սահմանային հատուածին մէջ Ատրպէյճանը փոխհրաձգութիւն հրահրած է

Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժա գիւղի սահմանային հատուածին մէջ Ատրպէյճանը փոխհրաձգութիւն հրահրած է:
«Արմէնփրէս»-ի հարցին ի պատասխան այս մասին ըսած է Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի վարչական մարմնի տեղեկատուական բաժնի պետ, գնդապետ Սամուէլ Ասատրեանը՝ անդրադառնալով տարածուած այն տեղեկութեան, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին հայ եւ ատրպէյճանցի զինծառայողներու միջեւ փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած է:
«Ատրպէյճանական զօրքերը իրենք են հրահրել փոխհրաձգութիւնը: Հայկական կողմը ունի մէկ թեթեւ վիրաւորում ստացած զինծառայող: Մեր տեղեկութիւններով՝ ատրպէյճանական կողմը ունի երկու վիրաւոր զինծառայող», -ըսած է Ասատրեանը: