Վիթալի Բալասանեանի դէմ քրէական գործ յարուցուած է

2023-02-15
Image

Արցախի մէջ քրէական գործ յարուցուած է Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի դէմ։

«Փաստինֆօ»-ի տեղեկութիւններով՝ քրէական գործը կ'առնչուի Վ. Բալասանեանի պաշտօնավարման ժամանակահատուածին արձանագրուած չարաշահումներուն։ Բացառուած չէ, որ յառաջիկային ան անգամ դատավարական կարգավիճակ ստանայ։

Կայքի տեղեկութիւններով՝ քանի մը այլ դէպքերով ալ այս պահուն նիւթեր կը նախապատրաստուին, որոնց հիման վրայ եւս կրնան յարուցուիլ նոր քրէական գործեր։