Վլատիմիր Գասպարեանի գոյքի վրայ արգելանք դրուած է, ան հրաւիրուած է դատախազութիւն

2021-06-30
Image

«Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքի շրջանակէն ներս իրականացուող ուսումնասիրութեան հետեւանքով նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի գոյքի վրայ արգելանք դրուած է։ Ան հրաւիրուած է դատախազութիւն:

Այս մասին ՀԺ-ին յայտնած է ՀՀ գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեանը:

Դատարանի որոշումով Վլատիմիր Գասպարեանի գոյքի նկատմամբ կիրառուած է հայցի նախնական ապահովման միջոց։

Հարցին՝ որքան արգելանք դրուած է գոյքի չափը, Աբրահամեանը չէ պատասխանած, պարզաբանելով, որ անձնական բնոյթի տեղեկատուութիւն տալու նպատակայարմարութիւն այս պահուն չեն տեսներ:

ՀՀ գլխաւոր դատախազի խորհրդականը նշած է, որ այս պահուն ապօրինի ծագման գոյքի բռնագանձման ընթացիկ ուսումնասիրութեննրէն 3-ը աւարտած են.

Յիշեցնենք, որ «Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքի նախագիծը խորհրդարանն ընդունած է անցած տարի՝ ձայներու 99 կողմ, 1 դէմ, 15 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ:

Նախագիծով պետութեան իրաւունք կը վերապահուի բռնագանձել ապօրինի ծագում ունեցող գոյքը, եթէ դատարանը որոշէ, որ անոր շուկայական արժէքը հայցի ներկայացման պահուն կը գերազանցէ յիսուն միլիոն դրամը: