Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընտրութիւններուն արձանագրած յաղթանակի առթիւ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան վարչութենէն:
Նախագահ Փութինը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինյանը՝ Հայաստանում ընտրութիւններու բարեյաջող կայացման եւ արձանագրած յաղթանակի կապակցութեամբ:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին եւ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 Յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններու դրոյթներու իրականացման ընթացքին:
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարի կողմէ ընդգծուած է ռազմագերիներու վերադարձի առաջնային նշանակութիւնը: