Վլատիմիր Փութինն ու Էմանուէլ Մաքրոնը քննարկած են ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ ստեղծուած իրավիճակը

2021-11-15
Image

Վլատիմիր Փութինը երկարատեւ հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ։

Այդ մասին կը տեղեկացնէ Քրեմլի պաշտօնական կայքէջը։ 

Քննարկուած են երկկողմ եւ միջազգային օրակարգի բազմաթիւ արդիական հարցեր, այդ շարքին՝ «Քորոնա» ժահային վարակի տարածման դէմ պայքարը։ Դիտարկուած է ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։

Ռուսաստանը, ինչպէս նշած է Վլատիմիր Փութինը, պիտի շարունակէ քայլեր ձեռնարկել իրավիճակը կայունացնելու եւ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները հետեւողականօրէն իրականացնելու համար։