Ցոյց տալ, որ Արցախի մէջ կեանքը կը շարունակուի․ Արտակ Բեգլարեան

Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկած է «Tech week Արցախ 2021» համաժողովը` կը յայտնեն Արցախի կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը Յուլիս 3-ին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկած «Tech week Արցախ 2021» համաժողովի բացման արարողութեան ժամանակ:
ԱՀ կառավարութենէն յայտնած են, որ պետական նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է կազմակերպիչներուն այդ խոշոր արհեստագիտական միջոցառումը Արցախի մէջ կազմակերպելու իր առաջարկը ընդունելու համար:
«Այս խոշորագոյն տեխնոլոգիական միջոցառումն Արցախում կազմակերպելիս մի շարք նպատակներ ունէինք՝ ի լրումն նման միջոցառումների հիմնական նպատակների: Մասնաւորապէս, նպատակ ունէինք Արցախում յետպատերազմեան տրամադրութիւն փոխելու՝ ցոյց տալու համար, որ կեանքը շարունակուում է, եւ մենք պարտաւոր ենք ջանքեր գործադրել առկայ խնդիրների լուծման ու Հայրենիքի երկարատեւ զարգացման ուղղութեամբ: Յաջորդ նպատակը Հայաստանի Հանրապետութիւնում յետպատերազմեան տրամադրութիւն փոխելն է՝ խթանելով Արցախ այցելութիւնները եւ վիրաւոր Արցախին աջակցելու գործնական ջանքերը: Երրորդ նպատակը, անշուշտ, Արցախում տեղեկատուական տեխնոլոգիաների ոլորտի զարգացումն է՝ բարենպաստ պայմաններ ապահովելով տեղում համապատասխան կրթական ու գործարար ծրագրերի իրագործման համար: Այժմ շատ ուրախ եմ, որ մեզ յաջողուել է կայացնել այս համաժողովը, եւ շնորհակալ եմ բոլոր կազմակերպիչներին, աջակիցներին ու մասնակիցներին»,- նշաղ է Արտակ Բեգլարեանը:
«Tech week Արցախ 2021» համաժողովին կը մասնակցին ոլորտի շուրջ 1500 մասնագէտներ ու հետաքրքրուած անձինք, որոնցմէ աւելի քան 400-ը ժամանած են ՀՀ-էն, ներառեալ՝ բնագաւառի կայացած ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: