Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու օրինագիծ ներկայացուց

2021-04-26
Image

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Թուրքիոյ մեճլիսի նախագահութեանն օրինագիծ ներկայացուցած է, որուն մէջ կ'առաջարկուի ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ցեղասպանութեան պատասխանատուներու անունները վերացնել հանրային վայրերէն եւ փոփոխութիւն կատարել Թուրքիոյ քաղաքացիութեան մասին օրէնքին մէջ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Ակօս»-ը, Փայլանի ներկայացուցած օրինագիծի հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ, որ հայ ժողովուրդի ապրած Մեծ եղեռնը կոչուի իրական անունով: «Մեծ յանցագործութիւնը պէտք է ճանչցուի Թուրքիոյ խորհրդարանի կողմէ, եւ Հայոց ցեղասպանութենէն տուժածները 106 տարի անց պէտք է հասնին արդարութեան»,-նշուած է նախագիծին մէջ:

Փայլան ապրիլ 24-ին ուղերձ յղած էր, որուն մէջ նշած էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով արդարութեան հասնիլ հնարաւոր է միայն Թուրքիոյ մէջ: «Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է այս հողերուն վրայ, եւ ցեղասպանութեան հարցով արդարութիւնը հնարաւոր է միայն այս հողերուն վրայ: Եթէ Թուրքիան առերեսուի Հայոց ցեղասպանութեան հետ, այլեւս կարեւոր չըլլար, թէ ինչ կ'ըսեն միւս պետութիւններու խորհրդարանները: 106 տարի է՝ կը ժխտուի Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ այդ պատճառով այլ երկիրներու խորհրդարաններու քննարկման առարկայ կը շարունակէ մնալ»,-նշած էր Փայլան: