Փաշինեան-Ալիեւ պիտի հանդիպին. օրը յայտնի է

2022-08-25
Image

Օգոստոս 31-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպայի խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հանդիպումը:

«Արմէնփրէս»-ին այս մասին յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Նշուած է, որ հանդիպման պիտի քննարկուին այն նոյն հարցերը, որոնք մինչ այս Պրիւքսէլի մէջ եղած են քննարկման առարկայ: