Փաշինեան Եռաբլուրի մէջ յարգեց նահատակներու յիշատակը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Շաբաթ օր, դստեր եւ որդիին հետ մասնակցած է Արցախի պատերազմի նահատակներու յիշատակին նուիրուած բազմահազարանոց սգոյ երթին:
Այն մեկնարկած է Հանրապետութեան հրապարակէն, անցած «Յաղթանակ» կամուրջով, Իսակովի պողոտայով եւ հասած Եռաբլուր զինուորական պանթէոն: Վարչապետը ծունկի իջած է զոհուած հերոսներու շիրիմներուն՝ յարգանքի տուրք մատուցելով անոնց յիշատակին:
Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը երթէն տեսանիւթ եւ լուսանկարներ հրապարակած է: